image
Հրատապ լուրեր:

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը այցելած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին

ՀՅԴ  Պատուիրակութիւնը   այցելած է  Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքին

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին առընթեր ներկայ էին նաեւ Պէյրութի մէջ գործող ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէներու ներկայացուցիչները:

Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն իր հետագայ գործունէութեան մէջ:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու Հայաստանի, սփիւռքի եւ Լիբանանի իրավիճակին, վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ լիբանանեան ճգնաժամերուն մասին:

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութիւններով Հայ դատի յանձնախումբերուն տարած աշխատանքներուն:

Հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնելով շեշտեց հետեւողականօրէն միասնական աշխատանքներով դիմագրաւել հայութեան դէմ ծառացած մարտահրաւէրները։