ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պաշտօնական էջէն վերահասու դարձանք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է կուսակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներէն, հրապարակախօս, կուսակցական գործիչ ՝Գրիգոր Աչըքեանը։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը երկար տարիներէ ի վեր փոխադրուած ու հաստատուած էր ԱՄՆ, ուր նոյնպէս վարած էր կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ։