image

Հոգեհանգստեան կարգ՝ վթարէն զոհուած զինծառայողներու համար

Հոգեհանգստեան կարգ՝ վթարէն զոհուած զինծառայողներու համար

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ 14 ապրիլին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սուրբ Գայանէ վանքին մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ` ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։

Ս. Պատարագի սկիզբը` ժամը 11:00-ին է:

Յիշեցնենք, որ 12 ապրիլին ժամը 15:25-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայողները տեղափոխող «Ուրալ» մակնիշի ինքնաշարժը դուրս ելած է ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն եւ յայտնուած յարակից ձորակի տարածք: Վթարի հետեւանքով, նախնական տուեալներու համաձայն, կայ 4 զոհ եւ 20 վիրաւոր: