image

Սահմանադրութեան մէջ կան դրոյթներ, որոնք պէտք է վերանայուին` հաշուի առնելով վերջին իրադարձութիւնները․ Սիմոնեան

 Սահմանադրութեան մէջ կան դրոյթներ, որոնք պէտք է վերանայուին` հաշուի առնելով վերջին իրադարձութիւնները․ Սիմոնեան

Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ունեցած է եւ ունի դրոյթներ, որոնք պէտք է վերանայուին՝ հաշուի առնելով վերջին իրադարձութիւնները։ Այդ մասին, յունուար 31-ին, Երեւանի մէջ Չեխիոյ խորհրդարանի ղեկավարի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնելուց ի վեր փաստաթղթերի մէջ ունեցել է եւ ունի դրոյթներ, որոնք պէտք է վերանայուեն`հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական բոլոր փոփոխութիւնները եւ վերջին իրադարձութիւնները։ Իմ կարծիքով, մենք պէտք է հասկանանք, թէ Հայաստանն ուր է գնում, ինչ նպատակներ է հետապնդում եւ ինչի համար է Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը»,-ըսած է Սիմոնեանը՝ պատասխանելով Սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագրի յղումը հանելու մասին հարցին։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1991-ին անկախացած է «կոնկրետ սահմաններով եւ դա պէտք է արտացոլուած լինի բոլոր փաստաթղթերում»։

ԱԺ նախագահի կարծիքով՝ մենք պէտք է հասկնանք, թէ Հայաստանն ուր կ՚երթայ, ինչ նպատակներ կը հետապնդէ եւ ինչի համար է ՀՀ-ի գոյութիւնը։

«ՀՀ-ի գոյութիւնն արդեօք նրա համար է, որպէսզի վերականգնենք պատմական Մեծ Հայքն ու Փոքր Հայքը, թէ՞ Սեպտեմբերի 21-ի մասին է, որ մենք ստացանք անկախութիւն, թէ՞ ՀՀ քաղաքացու մասին է, որը պէտք է լինի ապահով», -ըսած է Սիմանեան։

Ալեն Սիմոնեանը նաեւ նկատած է, որ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ նոյնպէս կան դրոյթներ, որոնք հայելային պէտք է փոփոխուին։

 

Ատրպէյճան ժամանակ կը շահի

Ոչ միայն Չեխիան, այլեւ բոլոր միջազգային գործընկերները պէտք է հնարաւորինս ճնշումներ գործադրեն՝ տարածաշրջան խաղաղութիւն բերելու հարցով։ Այս մասին ըսած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Չեխիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Մարքեթա Ատամովայի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

Ազգային Ժողովի խօսնակն ընդգծած է, որ ՀՀ-ն բազմիցս ըսած է, որ պատրաստ է ու ամէն ինչ կ՚ընէ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար։

«Բայց մենք տեսնում ենք, որ մեր հարեւան երկիրն այդ առումով այդքան աչքի չի ընկնում։ Ադրբեջանը բազմիցս հրաժարուել է միջազգային տարբեր հարթակներում առաջարկուող հանդիպումներից։ Ինձ մօտ տպաւորութիւն է, որ Ադրբեջանը յատուկ ժամանակ է ձգում խաղաղութեան գործընթացն աւարտին հասցնելու հարցում», - յայտարարած է Ալեն Սիմոնեանը։