image
Հրատապ լուրեր:

Հնդակաստանէն կարեւոր առաջարկ. Օգտագործել Իրանի Չապահար նաւահանգիստը

Հնդակաստանէն կարեւոր առաջարկ. Օգտագործել Իրանի Չապահար նաւահանգիստը

Մեծ հնարաւորութիւն կայ ընդլայնելու Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները, զբօսաշրջութիւնը, ենթակառուցուածքները եւ ներդրումները, յայտնեց Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարար Սուպրամանյամ Ճայշանքկարը:

«Ուղղակի կապակցուածութեան պակասը՝ թէ՛ ծովային, թէ՛ ցամաքային, խոչընդոտ է մարդկային շփումներու եւ առեւտրային փոխանակումներու համար։ Թէ՛ Հնդկաստանը, թէ՛ Հայաստանը կը հանդիսանան միջազգային միջանցքին անդամ, որը հեռանկար ունի զարգացման», ըսաւ Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարարը։

Ան նշեց, որ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ քննարկած են հետաքրքրութիւնը, որ դրսեւորած է Հայաստանը Չապահար նապահանգիստի օգտագործման Իրանի մէջ։

«Առաջարկեցինք, որ Չապահար նաւահանգիստը օգտագործուի որպէս միջազգային միջանցքի հանգոյց։ Չապահարը նաւահանգիստ է Իրանի մէջ: Այդ մեզի համար մէկ կողմէ ճանապարհ կը բանայ դէպի Կովկաս, միւս կողմէ՝ արահետ կը բանայ դէպի Կեդրոնական Ասիա։ Քննարկեցինք նաև փոխադարձ թռիչքներու հաւանականութիւնը», ըսաւ Սուպրամանյամ Ճայշանքարը:

Ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան, նախարարը նշեց, որ Հնդկաստանը կողմնակից է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ։