image

ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան եւս երկու ամիս պիտի մնայ կալանքի տակ

ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան եւս երկու ամիս պիտի մնայ կալանքի տակ

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ։ Անոր խափանման միջոցը երկարաձգուած է եւս 2 ամիսով։ Տեղեկութիւնը դիմատետրեան էջով յայտնած է փաստաբան Տիգրան Աթանեսեան։

Հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան) դատարանին մէջ, 14 օգոստոսին, քննուած էր կալանքի երկարաձգման միջնորդութիւնը։ Դատաւորը Գիվի Յովհաննիսեանն էր։

Նշենք, որ 12 օգոստոսին դատական նիստը յետաձգուած էր։ Դատարանը ժամանակ տուած էր, որպէսզի Աշոտեան ծանօթանայ քննիչի միջնորդութեան կից ներկայացուած 9 ձայնասկաւառակին, որու ընդհանուր տեւողութիւնը 23 ժամ է։

Յիշեցնենք,  որ Արմէն Աշոտեան երկու ամիսով կալանաւորուած էր 16 յունիսին։ Ան եւ Երեւանի Հերացիի անուան բժշկական համալսարանի նախկին տնօրէն Միքայէլ Նարիմանեան  մեղադրուած են Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան (բուհ) պատկանող մօտ 100 հազար տոլարի գոյք յափշտակելու մէջ: Անոնք մեղադրուած են «Ծովասար» հիւրանոցային համալիրի հիւղակները ուռճացուած գիներով ձեռք բերելու համար այն ժամանակահատուածին, երբ ՀՀԿ փոխնախագահը գլխաւորած է բուհի հոգաբարձուներու խորհուրդը: