image

ՀՀ Պետական նուագախումբի գլխաւոր խմբավարը՝ AMAA-ի Աւետիսեան դպրոցի հիւր

ՀՀ Պետական նուագախումբի գլխաւոր խմբավարը՝ AMAA-ի Աւետիսեան դպրոցի հիւր

Օրերս Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեան հիւրընկալուած է AMAA-ի Աւետիսեան վարժարանին կողմէ։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

 Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Սիմֆոնիք Դաս Ա-ի ամփոփիչ հանդիպման AMAA-ի Աւետիսեան դպրոցի աշակերտները հիւրընկալած էին Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեանը։ Աշակերտները զրոյցի ընթացքին Սերկէյ Սմբատեանին ուղղած են իրենց հետաքրքրող հարցերը։

Դասի աւարտին, (ինթըրաքթիւ) խաղի շրջածիրէն ներս, փայտէ պատրաստուած փոքրիկ երաժշտական գործիքներով դպրոցականները գրատախտակի վրայ հաւաքած են սիմֆոնիք նուագախումբի կազմը, որուն ծանօթ էին նախորդ դասերէն։