Օրերս այցով ԱՄՆ գտնուող ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այցելութիւն տուած է ԱՀԱԸ-ի կեդրոն եւ ընդունուած ընկերակցութեան նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեանին կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀՀ Նախագահականի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Լոս Անճելըսի իր կեցավայրին մէջ հանդիպած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ դոկ. Նազարէթ Տարագճեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան աւագ հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանի եւ միութեան ներկայացուցիչներու հետ:
Ողջունելով հիւրերը նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը բարձր գնահատած է Հայաստանի անկախացումէն ի վեր Աւետարանչական Ընկերակցութեան որդեգրած յստակ դիրքորոշումը՝ հնարաւորինս աջակցիլ պետականութեան կայացմանն ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երախտիքի խօսք յայտնած է Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ մինչ օրս բազմաթիւ մարդասիրական եւ ընկերային ծրագրերու իրականացման համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար հանդիպման մասնակիցները վերահաստատած են Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միանշանակ պատրաստակամութիւնն առաջիկային ալ հնարաւոր կարողութիւններով նպաստելու Հայաստանի զարգացման ու հզօրացման:
Հանդիպման ընթացքին անմիջական մթնոլորտի մէջ միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային ընդհանուր զարգացումներու եւ իրողութիւններու վերաբերեալ:
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, պատասխանելով ներկաներուն յուզող հարցերուն, մանրամասներ յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման գործընթացի ներկայիս փուլի եւ ընդհանուր սկզբունքներու վերաբերեալ:
Իր խօսքին մէջ նախագահը նշած է, որ Հայաստանը հաստատակամօրէն կը շարժի Ատրպէյճանի եւ բոլոր հարեւան երկիրներու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ու զարգացման ուղիով, առաջնորդուելով երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան անխաթարութեան, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան անձեռնմխելիութեան սկզբունքներով եւ միջազգային հիմնարար իրաւունքներով եւ նորմերով: Այս պարունակին մէջ շեշտուած է երկիրներու միջեւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորմանն ուղղուած քայլերու խթանման կարեւորութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նախագահի՝ «Սիլիքոնային հովիտ» կատարած այցելութեան արդիւնքներուն եւ այս ծիրէն ներս Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն եւ զարգացման հիմնական միտումներուն:
Հանդիպման շօշափուած են նաեւ հանրային կեանքին մէջ եկեղեցական համայնքի եւ հոգեւորականութեան ընելիքներու եւ գործառոյթներու վերաբերեալ հարցեր, մատնանշուած են այս բնագաւառին մէջ առկայ խնդիրներն ու ատոնց լուծման ուղիները:
Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է քաղաքական, հասարակական, հոգեւոր կազմակերպութիւններու ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութիւնը հանրային համերաշխութեան եւ միասնական օրակարգերու ձեւակերպման նպատակով: