Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Գերմանիա կատարած այցի արդիւնքներով յայտարարած է, որ արեւմտեան դաշնակիցները դեռ չեն յաջողիր համաձայնութեան հասնելու Ուքրանիոյ կողմէ Ռուսիոյ տարածքին հարուածներ հասցնելու համար հեռահար զէնք կիրառելու հարցի շուրջ: Այս մասին յայտնած է Bloomberg:
16 հոկտեմբերին, Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քարին Ժան Փիեր յայտարարած էր, որ ԱՄՆ ուժի մէջ կը պահէ Ռուսիոյ տարածքին վրայ հեռահար հարուածներու համար ամերիկեան զէնքի կիրառման արգելքը:
Պայտըն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ կը մշակուի Ուքրանիոյ համար հեռահար զէնքի օգտագործման սահմանափակումները վերցնելու հարցը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Sky News-ին ըսած է, որ չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը թոյլ տայ Ուքրանիոյ, որ հրթիռային հարուածներ հասցնէ Ռուսիոյ տարածքին։