image

Լիբանանի մէջ. Մարոնիթ վարդապետ Էլի Քեսրուանիի խորհրդաւոր մահը

  Լիբանանի մէջ. Մարոնիթ վարդապետ Էլի Քեսրուանիի խորհրդաւոր մահը

 Մինչ  լրատուական  աղբիւրներ կը տարածէին Քեսրուանիի մահուան բօթը, անդին «Օ.Թի. Վի.» կայանը  հիմնուելով իր աղբիւրներուն  վրայ կը յայտնէր, որ  մարոնիթ վարդապետը հարուածներ ստացած է ու ապա անոր ձեռքերը կապուած են ու  դիմագիծը պղծուած։ Կայանը նաեւ կը յայտնէր, որ  ծեծի  ենթարկուելէն ետք  Քեսրուանի անցուցած էր սրտի տագնապ, որմէ ետք մահացած էր։

 

  Օրերս Լիբանանի Պիսքանթա  շրջանին մէջ , հայր Էլի Քեսրուանիի անշնչացած մարմինը  գտնուած էր անոր բնակարանի պարտէզին մէջ:

Անմիջապէս դէպքին վայրը հասած էին քրէական փաստահաւաքները եւ հետաքննութիւն բացած այս մասին:

 

Կաթողիկէ համայնքի տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն գերապայծառ Ապտօ Ապու Քասմ հայր Քեսրուանիի մահուան անդրադառնալով յայտնեց, որ Այն Քապուի մէջ հոգեւորականը մահացած գտնուած է իր բնակարանի պարտէզին մէջ:

Ան աւելցուց, որ ապահովական ուժերու տեղեկութիւններուն համաձայն ան օր մը առաջ այցելած է բժիշկին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան անհանգիստ զգացած է:

Ապու Քասմ շեշտեց, որ հայր Քեսրուանի ոչ ոքի հետ հարցեր ունի` աւելցնելով, որ պէտք է սպասել քրէական փաստահաւաքներու հետաքննութեան` իմանալու համար անոր մահուան պատճառը:

 

 

Լուրը համադրաբար ՝ «Ազդակ»էն  եւ «Օ. Թի. Վի.»էն