image

Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակը կը նշուի Աթէնքի Մէջ (Լուսանկար)

Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակը կը նշուի Աթէնքի Մէջ (Լուսանկար)

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով գոհաբանական պաշտամունք մը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեան եւ բազմաթիւ յարգարժան հիւրեր:

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք համալսարանի յոբելեանին նուիրուած  հանդիսութեան մասին խմբագրութեանս  առաքուած թղթակցութիւնը:

2025 թուականը Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակն է: Այս առիթով, Կիրակի, 6 Ապրիլ 2025-ին առաւօտեան,  Յունաստանի  Գոգինիոյ (Աթէնք) Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական յատուկ պաշտամունք Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանի եւ Առեւտրական եւ Վարչագիտութեան  կաճառի դեկան դոկտ. Ֆատի Ասրաուիի ներկայութեամբ։

Պաշտամունքը, որ  առաջնորդեց  տեղւոյն հովիւ  վերապատուելի Վիգէն Չոլագեանը կ'ընդգրկէր փառաբանութեան երգեր, կանանց քառեակի կատարում, ընթերցումներ եւ աղօթքներ։ Վերապատուելի Հայտօսթեան  մատուցեց հովուական աղօթքը, կատարեց Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ  փոխանցեց  օրուան  պատգամը՝ կեդրոնանալով  ծառայութեան եւ  սիրոյ վրայ ՝ որպէս պատասխան Աստուծոյ  մեզի տուած շնորհին: Վկայակոչելով պատմական իրողութիւններ ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ Արմենակ Հայկազեանի նահատակութիւնն ու ծառայութեան բարի օրինակը, եւ ամերիկացի միսիոնար Էլիզապէթ Ուէպի նուիրուածութիւնը :

Պաշտամունքին, օրուան խորհուրդը  իրենց ներկայութեամբ պատուեցին բազմաթիւ յարգարժան հիւրեր-

• Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր  դեսպան Նորին վսեմութիւն

պարոն Տիգրան Մկրտչեան.

• «Ազատ Օր»-ի խմբագրապետ եւ  «Արմենիքա» պարբերականի հեղինակ-խմբագիր պարոն Մայք

Չիլինկիրեան.

• «Հայ կեանք» պարբերականի խմբագիր պարոն Տիգրան Ապասեան.

• «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագիր պարոն Զաւէն Գրիգորեան  եւ

• Հայաստան հիմնադրամի պատւոյ նախագահ  դոկտոր Վաչէ Տէր Կարապետեան:

Պաշտամունքի աւարտին տեսահոլովակով ներկայացուեցան Հայկազեան համալսարանի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ: Ապա, ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ «Հայկազեան» Սրահը, ուր վերապատուելի Չոլագեան եւ դեսպան Մկրտչեան արտասանեցին շնորհաւորական խօսքեր, որմէ ետք հատուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի 70-ամեակի յիշատակի կարկանդակը։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ ընկերային ժամ, հիւրընկալութեամբ՝ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին: