image

Հայկական կողմը 10-է աւելի գերեվարուած զինուոր ունի

Հայկական կողմը  10-է աւելի գերեվարուած զինուոր ունի

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման  հետեւանքով մէկ տասնեակէ աւելի  հայ զինծառայող գերեվարուած է: «Պատկերը դեռ խաբուսիկ է, կարող է փոփոխուել:

Նոյնականացուած գերիների հետ կապուած այլ ինֆորմացիա (տեղեկութիւն) չեմ կարող նշել»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՄԻԵԴ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան մամուլի խօսնակ Յասմիկ Սամուէլեանը:

Նշենք, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը գերիներու տեսանիւթերու մասով հարցում ըրած է Ատրպէյճանին՝ 13 սեպտեմբերի դրութեամբ նոյնականացուած 1 գերիի եւ տեսանիւթերու մէջ երեւցող մնացած չնոյնականացուած գերիներու մասով՝ ժամկէտ տալով մինչեւ 22 սեպտեմբերը: