ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր Ազգային Ժողովի մէջ ըսած է, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը 49 զոհ ունի:
Ան ըսած է, որ «թիւը, ցաւօք, վերջնական չէ»:
Վարչապետն ըսած է, որ զինուորները եւ սպաները «կռուել են հերոսաբար»:
Նիկոլ Փաշինեանն ըսած է, որ մէկ-երկու ուղղութիւններով Ատրպէյճանի յարձակումը կը շարունակուի, թէեւ մարտական գործողութիւններու աշխուժութիւնը նուազած է: