image

«Հայաստանի ծով գինին...»Լիբանանցի Հուտայի բացառիկ հայերէն կատարումը

 «Հայաստանի ծով գինին...»Լիբանանցի Հուտայի բացառիկ հայերէն  կատարումը

Հուտան, լիբանանեան երգարուեստի  ոսկեայ օրերու ամենամեծ ճառագայթին՝ Ֆայրուզին քոյրն է։

 Շատ անգամներ պատահած է, որ ցանկացած արուեստագէտ, իր ծանօթութեան, բարեկամական կապին կամ նոյնիսկ ազագականութեան հետեւանքով դարձած է «զոհ»ը այն կերպարին, որուն հետ մտած է արուեստի աշխարհ։

 

 Այդ տեսակին կը պատկանի Հուտան (բուն անունով ՝Հուտա Հատտատ)։

 Ան ծնած է 1944-ին Պէյրութի Զոքաք ալ պլաթ շրջանը եւ շնորհիւ իր քրոջ լիբանանեան երգարուեստի տիվա ՝ Ֆայրուզին անցած է երգարուեստի ոլորտ ու մասնակցած է Ֆէյրուզի համար պատրաստուած երգախառն թատերգութիւններուն։

 

 Այստեղ ուշագրաւ է նշել, որ 1960 -ականներէն սկսեալ մեծ ծաղկում ապրած լիբանանեան երգարուեստին պարագային կեդրոնական դեր ունեցած  են Ռահպանի եղբայրները։ Ասի , որ յետագային կ՚ամուսնանայ Ֆէյրուզին հետ եւ Մանսուր Ռահպանիներու   ճիգերով արաբական ու ապա ալ միջազգային հարթակ բարձրացած «Ֆէյրուզեան երգ»ին մէջ միշտ ալ եղած են հայկական շեշտադրումներ շնորհիւ մեծ երգահան Ալեքսան Մնակեանին եւ ըստ մէկէ աւելի աղբիւրներու եւ ականատեսներու Ֆէյրուզի համար նախատեսուած ու պատրաստուած երգերու երաժշտութեան  յօրինման ընթացքին  Ռահպանիննրու կողքին միշտ ալ ներկայ եղած է եղերաբախտ Ալեքսան Մնակեանը։

 

Շատ հաւանական է, որ նոյն Մնակեանի ճիգերով ու ճանաչողութեան ուժով է, որ  մեծ  լսարան ունեցած Ֆէյրուզի քոյր ՝ Հուտան առիթով մը երգած է հայերէն ու մասնաւորապէս կատարած է «Հայաստանի ծով գինին» երգը։

 

 Չի բացառուիր, որ տարբեր առիթներով ալ Հուտան կամ նոյնիսկ Ֆէյրուզը այդպիսի կատարումներով հանդէս եկած են, բայց ցաւալիօրէն համացանցի  արխիւներուն մէջ միայն Հուտայի այս կատարումն է, որ պահպանուած է։

 

  Անշուտ հայութիւնը իր բոլոր տարրերով միշտ ալ շնորհակալ պիտի ըլլայ Ռահպանիներուն, ու անոնց կողքին երգչուհի Հուտային այս յատուկ եւ անկեղծ վերաբերմունքին եւ ուշադրութեան համար, որ մեծ հաշուով երախտիքի թոյզն ինչ արտայայտութիւն է այն քաղաքացիներուն, որոնք սիրենցին Լիբանանը Լիբանանի ժողովուրդը ու ամէն ճիգ ու ջանք ըրին յանուն այդ գողտրիկ երկրի ծաղկման եւ բարգաւաճման։ 

 

 Լսեցէ՛ք  Հուտայի այս բացառիկ կատարումը , ու պիտի համոզուիք, որ ինչքան անկեղծ է ան, ինչքան զուլալ է անոր ձայնն ու ինչքան աներեր է անոր հոգին։ 

 

 

 Նիւթը՝ «Արեւելք»ի