image

Հայաստանի մէջ «Նեղոսի տենդ»էն մահացած է 3 անձ

Հայաստանի մէջ «Նեղոսի տենդ»էն մահացած է 3 անձ

Հայաստանի մէջ Արեւմտեան Նեղոսի տենդէն մահացած անձերու թիւը հասած է 3-ի։

Այս տեղեկութիւնը յայտնած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր մէկ անձի մահուան մասին, որու մօտ ախտորոշուած էր այդ հիւանդութիւնը:

«Երկու հիւանդներն էլ ունեցել են ուղեկցող մի շարք քրոնիկ հիւանդութիւններ։ Նրանք 80 տարեկանից բարձր են»,- նշած են նախարարութենէն։

Նշենք, որ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան 5 սեպտեմբերին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած էր, որ Արեւմտեան Նեղոս տենդի 108 հիւանդացութեան դէպք հաստատուած է։ Անոր խօսքով՝ մոծակներն ամենաշատը Արմաւիրի, Արարատի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջն են։

Յիշեցնենք` Արեւմտեան Նեղոսի տենդը մեծամասնութեամբ կ'ընթանայ առանց ախտանշաններու։ 85% պարագային, մարդիկ չեն գիտեր, որ վարակուած են այդ յարուցիչով։ Մնացած պարագաներուն մարդոց մօտ կրնան ախտանշաններ ըլլալ՝ ջերմութեան, գլխացաւի, ցանաւորման տեսքով։ Հիւանդութեան գաղտնի  շրջանը կրնայ տեւել 2-3 շաբաթ, բայց աւելի յաճախ կը տեւէ 3-6 օր։ Վարակուած մարդու ջերմութիւնը կրնայ բարձրանալ 38-40 աստիճան, դող սկսիլ։ Հիւանդութեան բնորոշ են ուժեղ գլխացաւը, փսխումները։ Ժահրը բարդացման փուլին կրնայ առաջացնել ընդհուպ ուղեղապատեանաբորբ (Meningoencephalitis), որ միեւնոյն ժամանակ ուղեղի թաղանթի եւ ուղեղի բորբոքումն է։