image

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը նոյն պաշտօնով պիտի գործուղուի Ռուսիա

Հայաստանի մէջ  ԱՄՆ դեսպանը նոյն պաշտօնով պիտի գործուղուի Ռուսիա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիին առաջարկած է Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին։ Այս մասին հաղորդած է «Ռիա Նովոստի»ն։

Նախագահի առաջարկած դեսպանները կը հաստատուին Սենատի կողմէ հանրային լսումներով եւ պէտք է համաձայնեցուին ընդունող երկրի հետ:

Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ Նախկին դեսպան Ճոն Սալիւան վերջերս աւարտեց գրեթէ երեք տարուայ առաքելութիւնը՝ հիւանդութեան եւ կնոջ մահուան պատճառով:

Թրէյսին պիտի ըլլայ պատմութեան մէջ առաջին կինը, որ կը զբաղցնէ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը Ռուսիոյ մէջ:

Ան կը տիրապետէ ռուսերէնին եւ արդէն աշխատած է Մոսկուայի մէջ՝ 2014-2017 թուականներուն։ Ան ծառայած է որպէս դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ։