image

Հայաստանի իշխանութեան` Արցախի մասին յայտարարութիւնները կը վնասեն ընդհանուր գործին. Արցախի ՄԻՊ

Հայաստանի  իշխանութեան` Արցախի մասին յայտարարութիւնները կը վնասեն ընդհանուր գործին. Արցախի ՄԻՊ

ՀՀ տարբեր խորհրդարանականներու կողմէ եղած քաղաքական յայտարարութիւնները, որոնցով կը ճանչնան Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը` Արցախը ներառեալ, որոշակի խոչընդոտներ կը յարուցեն։ Այսօր՝ 6 յուլիսին, Ստեփանակերտ–Երեւան հեռուստակամուրջի ժամանակ յայտարարած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։

Անոր խօսքով` միջազգային գործընկերներու հետ շփումներու ժամանակ անոնք եւս յաճախ կը վկայակոչեն այդ յայտարարութիւնները։

«Ես կարող եմ անվերապահօրէն ասել, որ ցանկալի կը լինէր` Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային իշխանութիւնը ներկայացնող մարմինների կողմից նման յայտարարութիւններ չհնչեն, որոնք վնասում են ընդհանուր գործին։ Պէտք է ձեռնպահ մնալ այնպիսի յայտարարութիւններից, որոնք չեն բխում Արցախի ժողովրդի շահերից եւ կասկածի տակ են դնում Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը, որը մեր պարագայում, ակնյայտ է, որ հաւասարազօր է Արցախի ժողովրդի կեանքի իրաւունքին»,– նշած է Ստեփանեան։

Ան աւելցուցած է` մէկ կողմէն աշխատանք կը տարուի, որ միջազգային հանրութիւնը ամբողջութեամբ ընկալէ ստեղծուած մարդասիրական աղէտալի վիճակը, միւս կողմէն նման յայտարարութիւններ կ'ըլլան։

Ան շեշտած է` վերջին 7 ամիսներու ընթացքին մարդասիրական սպառնալիքներն այնքան ընդգծուած չեն եղած, որքան հիմա են։

Իսկ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանի կարծիքով` ատոնք չեն խանգարեր ընդհանուր աշխատանքին, մասնաւորապէս` Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական  ճգնաժամը միջազգային գործընկերներուն ներկայացնելու գործին, քանի որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանն անկախ մարմին է։

«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կառավարութեան, գործադիր, օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչ չէ, անկախ պաշտօնատար անձ է եւ ապաքաղաքական, հետեւաբար ինքը ներկայացնում է ինքնուրոյն եւ անկախ տեղեկատւութիւն` անկախ նաեւ այն ընդհանուր յայտարարութիւններից, որ կարող են արուել, քանի որ դրանք յաճախ քաղաքական են, սովորաբար, հենց արտաքին քաղաքական տարր են պարունակում»,– նշած է Մանասեանը։