Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ռազմական թշնամանքի սրումը պէտք է անյապաղ դադարեցուի։ Տեղեկութիւնը Twitter-ի էջի միջոցաւ յայտնած է Լեհաստանի ԵԱՀԿ նախագահութիւնը։
«Դիւանագիտական ճանապարհին ձեռք բերուած առաջընթացը պէտք չէ վատնուի։ Նախագահութիւնը առաջուայ պէս պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու կայուն լուծման հասնելու գործին»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։