Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ԵՄ դիտորդական առաքելութիւն ստեղծելու գաղափարը կեանքի կը կոչուի, գաղափարը առաջին անգամ ԵՄ-ի մէջ հնչեցուցած են Լիթվայի, Աւստրիոյ եւ Ռումինիոյ ԱԳՆ ղեկավարները՝ յունիսին:
Այս մասին յայտնած է Լիթվայի ԱԳՆ-ն՝ Թուիթերի էջին։
«Եթէ ԵՄ առաքելութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ ըլլայ, ապա այդ նշանակալի քայլ կը դառնայ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ճանապարհին»,-ըսուած է գրառման մէջ: