image

Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ Խորհուրդին միացան նոր անդամներ

Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ  Խորհուրդին միացան նոր անդամներ

25-27 յունիս 2023-ին, Հանքաւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ (ՀԱԵ)  համաժողովի ընթացքին փոխուած է ՀԱԵ ղեկավար մարմնի հոգեւոր խորհուրդի (ՀԽ) կազմը: 

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ  ՀԱԵ   պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս  գրուած է՝ 

Խորհուրդի կազմին մէջ մնալու իրաւունքէն օգտուելով՝ ծառայութիւնը կը շարունակեն վեր. Արթուր Օչինեան, վեր. Աւետիք Խաչատրեան, վեր. Վարդան Ափինեան, պատ. Դաւիթ Բաբայեան, պատ. Արման Մարտիրոսեան, պատ. Արմօ Արզումանեան, պատ. Խաչատուր Խաչատրեան: 85 ներկայ պատուիրակի փակ քուէարկութեան եւ Արցախի 3 պատուիրակի առցանց քուէներու ի արդիւնք ՀԱԵ խորհուրդի կազմին մէջ վերընտրուած է վեր. Ալպերթ Փայտեան, կազմը համալրած են վեր. Հրանտ Բադալեան, վեր. Արամ Մկրտչեան եւ պատ. Մհեր Շարբաթեան։ 

 

Այնուհետեւ, նորակազմ ՀԽ, դարձեալ փակ քուէարկութեամբ ընտրած է դիւանի կազմը։ Հոգեւոր խորհուրդի նախագահութիւնը կը շարունակէ վեր.Ալպերթ Փայտեան, փոխնախագահը դարձեալ վեր․ Աւետիք Խաչատրեանն է, գանձապահի ծառայութիւնը կը շարունակէ վեր. Արթուր Օչինեան: Դիւանի կազմին մէջ փոխուած է միայն ատենադպիրը. Հոգեւոր խորհուրդի հանդիպումներն այսուհետեւ պիտի արձանագրէ պատ. Դաւիթ Բաբայեան։

 

Յիշեցնենք, որ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը 2022-ի 1 օգոստոսէն ստանձնած է վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան 4 տարի ժամկէտով: Ան փոխարինած էր վերջին 10 տարիներուն այդ պատասխանատու պաշտօնը իրագործած Վեր. Մկրտիչ Մելքոնեանին։