Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակոյթի կեդրոնի շէնքի կառուցման յատկանշական հանգրուան մը եւս ամբողջացած է՝ աւարտած է թանգարանի երկրորդ յարկի եւ տանիքի կառուցումը։ Շինարարական աշխատանքները արագ թափով կը շարունակուին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակոյթի կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ թանգարանի շէնքին երկրորդ յարկի եւ տանիքի կառուցումը աւարտեցաւ, յատկանշական հանգրուան մը եւս ամբողջացնելով։
Շինարարական աշխատանքները արագ թափով պիտի շարունակուին Փետրուարին եւ իւրաքանչիւր հանգրուանի ամբողջացումով շէնքին աստիճանաբար ապագայ տեսքը սկսած է աւելի յստակօրէն բացայայտուիլ հանրութեան։
Հայութեան պատմութիւնը եւ մշակոյթը ծանօթացնելու առաքելութեամբ ճամբայ ելած թանգարանին գործադիր ատենապետ Պերճ Կարապետեան կը յայտնէ, թէ իւրաքանչիւր քայլի հետ Հայ-ամերիկեան թանգարանը քայլ մը եւս կը մօտենայ իրականացման եւ իր դռները բանալու հանրութեան առջեւ։
Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ամբողջանան շէնքին արտաքին եւ ներքին պատերուն կառուցումները եւ աշխատանքներ պիտի սկսին թանգարանին մէջ ցուցադրուելիք իրերը մէկտեղելու գծով։
Ցուցահանդէսներու կողքին, թանգարանը պիտի իրականացնէ նաեւ դաստիարակչական ծրագիրներ։
Կլենտէյլի կեդրոնը կառուցուող Հայ-ամերիկեան թանգարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ArmenianAmericanMuseum.org կայքը։