image

Հարեւանութիւն այո՛, կարգավիճակի հարցով՝ ոչ.Արայիկ Յարութիւնեան

Հարեւանութիւն այո՛, կարգավիճակի հարցով՝ ոչ.Արայիկ  Յարութիւնեան

Մենք կարիք ունինք աւելիին, քան բարոյական աջակցութիւնն է: Այս մասին ֆրանսական «France 24» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

Յոյս ունինք, որ Ֆրանսայով չի սահմանափակուիր, եւ  այդ աջակցութիւնը օրինակ կը հանդիսանայ միւս պետութիւններու համար, եւ անոնք նոյնպէս կը ներգրաւուին մեր հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, որու ճանապարհը կը բանայ Ֆրանսան»,- նշած է Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը նաեւ ըսած է, որ կը գիտակցին, որ կը գտուին էթնիկ զտման, նոր ցեղասպանութեան եզրին: «Մենք պէտք է այս խնդրի մասին բարձրաձայնենք, Արցախին միայնակ թողնելը նշանակում է Արցախի բնակչութեանը ենթարկել ֆիզիքական ոչնչացման»:

Հարցին՝ եթէ Արցախը վերանայ, յաջորդը Հայաստա՞նը կ'ըլլայ, Յարութիւնեան պատասխանած է. «Միանշանակ: Զանգեզուրի միջանցքի պատրուակի տակ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը յավակնին ամբողջ Հայաստանի տարածքին»:

Հարցին՝ կը համաձայնի՞ն ինքնավարութեան Ատրպէյճանի տարածքին մէջ, Յարութիւնեան պատասխանած է. «Ատրպէյճանի հետ պատրաստ ենք հարեւանութիւն անել, բայց անկախ կարգավիճակի հարցը չի կարող քննարկման առարկայ լինել»: