Հարաւային Կովկասը շատ կարեւոր է Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ. այս մասին Երեւանի մէջ ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաքչին:
«Երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցով եւ երկկողմ յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանին մէջ զարգացումներու վերաբերեալ հարեւաններու հետ շարունակական խորհրդակցութիւններու շրջածիրէն ներս ժամանած եմ Երեւան։ Հարաւկովկասեան տարածաշրջանը շատ կարեւոր տեղ ունի Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ»,- ըսած է պաշտօնեան:
Նշենք, որ ՀՀ ԱԳՆ-ի մէջ կայացած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաքչիի առանձնազրոյցը: