image

Հանրապետութեան առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

Հանրապետութեան առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի

Երեւանի մէջ՝ մայիս 19-ի երեկոյեան ժամերուն հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում 16-20 մ/վ արագութեամբ։

Մայիս 20-21-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ մայիս 20-ին, 21-ի գիշերը առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ:

Մայիս 21-ի ցերեկը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Քամին՝ հիւսիսարեւմտեան, 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում 18-23 մ/վ արագութեամբ:

Օդի ջերմաստիճանը մայիս 18-ի գիշերէն աստիճանաբար կը նուազի 2-3 աստիճանով։