Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշել յայտնած է, որ վաղը Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպումէն առաջ կը նախատեսէ զանգել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ Այս մասին ան յայտնած է Twitter-ի միջոցաւ։
«Նախապատրաստական զանգեր այսօր՝ վաղը Պրիւքսէլի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կայանալիք հանդիպումէն առաջ», - գրած է Միշել:
Շառլ Միշել 31 օգոստոսին Պրիւքսէլի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իլհամ Ալիեւը եւ Նիկոլ Փաշինեանը՝ երրորդ անգամ:
«Մենք յոյսով ենք, որ այս հանդիպման պիտի համաձայնեցուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի բովանդակութեան նախապատրաստման համար աշխատանքային խումբի ստեղծումը»,- Պաքուի հիմնական ակնկալիքները ձեւակերպած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ:
Իր հերթին, Երեւանը նախընտրած է ձեռնպահ մնալ Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպման մասին յայտարարութիւններէն։
«Արդիւնքներից յետոյ կը տարածուի համապատասխան հաղորդագրութիւն, որը կը տրամադրի համապարփակ տեղեկատւութիւն քննարկուած թեմաների վերաբերեալ»,- տեղեկացուցած է ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի գրասենեակի մամուլի ծառայութիւնը: