image

«Համաս»- Իսրայէլ պատերազմ. Լուծումը միայն արդարութեան հաստատումով

«Համաս»- Իսրայէլ պատերազմ. Լուծումը միայն արդարութեան հաստատումով

Իրանահայ ազգային-հասարակական գործիչ Հենրիկ Խալոյեան կը գրէ՝

Համաս - Իսրայէլ պատերազմի մտորումներով՝

-Կազայէն դէպի Իսրաէլ թուով շուրջ 5.000 հրթիռակծում՝ ահա ոչ դասական եւ նորաոճ պատերազմներու շարան «երրորդ համաշխարհային պատերազմ»եան իրավիճակի մէջ…

-Պատերազմ՝ դասաւորողներ, մշակողներ , գործադրողներ, խաղացողներ ու շահախնդիրներ եւ «դատապարտողներ»...

«ուրախութիւն», «տխրութիւն», «յաղթանակ» ու «պարտութիւն»… չակերտեալ եւ իրական!

-Քաոս եւ դարձեալ անմեղ մադկային զոհեր...

-Իսրայէլ-Պաղեստինեան պատերազմը (ինչպէս Ուքրանականը) ոչ մէկ օրեայ ու կարճաժամկէտ, այլ երկարաշունչ եւ ծաւալող պատերազմներ...

-Դէպի նորօրեայ աշխարհակարգ-

-Այլ խաղացողներ՝ Արեւմուտք- Արաբական երկիրներ... կարճատեւին՝ ուրախ է Իրանը, կը շահի Ռուսաստանը ուքրանական պատէրազմին, կը շահի Թուրքիան Քիւրտերը ջախջախելու նախագիծին, երկարատեւին՝ սպառնալիք Իրանին Ատրպէյճանա-Իսրայէլական համագործակցութեամբ եւ այսպիսով առիթ Ատրպէյճանա-թրքական տանդեմի համար «Զանգեզուրեան միջանցքի» իրագործման համար!

-Այսպէս հայ-աշխարհի դիտանկիւնէն՝ Արցախի էթնիք զտումն ու 120.000 անմեղ հայերու բռնի տեղահանումը՝ առաւել լուսանցքի վրայ.

-Փաստ՝ Իսրայէլը «օրինակելի» համարողներու համար, որ անգամ հզօրութիւնն իսկ՝ չապահովեր խաղաղութիւն. ի հարկէ ընդունելով որ դիւանագիտութիւնն ու միջազգային «մարդասիրական» կառոյցներն ալ եւս չեն ապահովեր խաղաղութիւն.

ի հարկէ ե՞թէ ընդհանրապէս ցանկալի է «խաղաղութիւն»ը 21-րդ դարու (ան)մարդկայնութեան...

[մնայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւնը միայն կրնայ ապահովել՝ մնայուն Արդարութիւնը:]