image

Հալէպի ճանապարհները կը վերակառուցուին (Լուսանկարներ)

Հալէպի ճանապարհները կը վերակառուցուին (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի վերակառուցման աշխատանքներու ծիրէն ներս, Հալէպի քաղաքապետարանը համագործակցութեամբ Ծառայութիւններու Տնօրինութեան հետ, սկսած է Հալէպի շրջաններու ճանապարհները վերանորոգել: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի Քաղաքապետարանի դիմատետրի պաշտօնական էջէն:

Ըստ քաղաքապետարանին՝ վերակառուցման աշխատանքները կը ներառեն, պատերազմէն վնասուած շրջաններու փլատակները հաւաքել եւ հեռացնել, ծառերը յղկել, մայթերը կառուցել, ճանապարհային կղզիները վերակենդանացնել,  ինչպէս նաեւ ճանապարհները կուպրապատել: 

Քաղաքապետարանը նշած է թէ աշխատանքները կը կատարուին զուգահեռաբար Հալէպի զանազան թաղամասերու մէջ, ինչպէս  «Քալլասէ»ի արհեստանոցներու շրջանին մէջ, «Պուսթան Ալ Քասր»ի կրթական շէնքերուն մօտ, «Սալահ Ալ տին»ի, «Ալ Սըքքարի»ի, «Սէյֆ Ալ Տաուլէ»ի, «Ալ Համտանիէ»ի, «Պապ Ալ Նէյրապի»  եւ այլ շրջաններուն մէջ: Նաեւ իրագործուած է մաքրութեան արշաւ մը  «Իսմայիլի»է պողոտայէն սկսեալ մինչեւ Գերազանցիկներու դպրոցը եւ Հանրային պարտէզի շուրջը: 

Հալէպ քաղաքը հակառակ բոլոր կենցաղային դժուարութիւններուն հետզհետէ կը վերագտնէ իր նախկին փայլուն պատկերը: