image

Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ պատրաստ է օգնելհալէպահայութեան

Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ պատրաստ է օգնելհալէպահայութեան

Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեանը Հալէպի մէջ հանդիպում ունեցած է Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապի հետ:

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Հալէպ նահանգին մէջ առկայ ընկերա-տնտեսական հարցերը, այդ շարքին՝ հալէպահայ համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները եւ անոնց լուծման ճանապարհները, ինչպէս նաեւ՝ նահանգի յետպատերազմեայ վերականգնման աշխատանքներուն ընթացքը:

Դեսպան Գէորգեանը նահանգապետին տեղեկացուցած է, որ Հալէպ ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի առաքելութեան հերթական՝ 8-րդ հերթափոխը: Դեսպանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ մարդասիրական առաքելութեան նախորդ հերթափոխերու աշխատանքներուն հետեւանքով նահանգին մէջ ականազերծուած է աւելի քան 750 հազար քառակուսի մեթր տարածք, վնասազերծուած է 580 միաւոր պայթուցիկ սարք, իսկ առաքելութեան կազմին մէջ գործող հայ բժիշկները անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են նահանգի շուրջ 36 հազար բնակիչի:

Նահանգապետ Տիապը խորին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին՝ դժուարին այս շրջանին Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութեան եւ բարեկամութեան ձեռք մեկնելու համար: Վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է իր կողմէ անհրաժեշտ օժանդակութիւն ցուցաբերելու Հալէպի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, մշակութային ու մարզական միութիւններուն եւ, առհասարակ, հալէպահայ համայնքին:

Հալէպ աշխատանքային այցի ծիրին մէջ դեսպան Տիգրան Գէորգեան այցելած է Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կենտրոնակայան, ուր հանդիպում ունեցած է առաքելութեան ղեկավարութեան, մարդասիրական ականազերծում իրականացնող խումբի մասնագէտներուն եւ բժշկական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ: Դեսպանը ծանօթացած է կատարուած աշխատանքներու ծաւալներուն, ինչպէս նաեւ քննարկուած են Հալէպ նահանգին մէջ յառաջիկային իրականացուելիք գործառոյթները: ՀՀ դեսպանը բարձր գնահատած է մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն մասնագիտական հմտութիւններն ու կարողութիւններ եւ յաջողութիւն մաղթած հետագայ գործունէութեան մէջ:

Այցի շրջանակներուն մէջ, Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը զրոյց ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր (ընտրուած Հալէպ քաղաքէն), Սուրիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Լուսին Իսքենեանի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման հետ կապուած հարցերու լայն շրջանակ:

Դեսպանը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ հալէպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուած են համայնքին առջեւ ծառացած հարցերու լայն շրջանակ, այդ շարքին՝ հիւպատոսական բնոյթի բազմաթիւ հարցեր: Այդ կապակցութեամբ Դեկտեմբեր 3-ին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ վերջինիս աշխատանքներու աշխուժացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրներու վերաբերյալ: Տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ: