Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ֆլորա Տօլմողլեանը։ Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հալէպի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ հայուհին մահացած է յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Իր շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող Ֆլորան մայր էր մէկ փոքրիկի։
Ան երկար տարիներ աշխատած էր Հալէպի հանրահայտ տպարանին ՝«Արեւելք»ին մէջ, որուն համար ալ տպարանը այսօր կարճ մահագրական մը հրապարակած է։
Ֆլորա Տօլմողլեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունցած է այսօր Հալէպի «Մար Մըխայէլ» (Սուրբ Միքայէլ) եկեղեցւոյ մէջ։