«Ակնածանքով կը խոնարհինք մեր նահատակներու ու վիրաւորներու հզօրութեան առջեւ, մեր պարտքն է առ ի յարգանք յոտնկայս կենալ անոնց ընտանիքներու մեծութեան առջեւ, ողջոյն անոնց որ դաստիարակած են այսպիսի զաւակներ եւ ողջոյն այդ զաւակներուն մեր հայրենիքին զոհաբերուելու համար»
Սուրիոյ Նախագահ Ն.Վ. Պաշշար Ասատ
27 Նոյեմբերին, Հալէպի «Ասատ» մարզահամալիրի մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ բանակի նահատակ զինուորներու ընտանիքներու մեծարման արարողութիւն հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի նահանգապետարանին եւ համագործակցութեամբ՝ նահատակներու, անհետ կորածներու եւ վիրաւորներու հարցերով զբաղող տնօրինութեան։
Միջոցառման ներկայ եղած են Պաշտպանութեան փոխնախարար՝ զօրավար Մահմուտ Ապտ Ալ Ուահապ Շաուայ, Հալէպի նահանգապետ՝ Հիւսէյն Տիապ նաեւ նահատակներու, անհետ կորածներու եւ վիրաւորներու հարցերով զբաղող տնօրինութեան տնօրէնը, «Պաաս» կուսակցութեան քարտուղարը, Հալէպի ոստիկանապետը եւ այլ պաշտօնական ու զինուորական ներկայացուցիչներու ու բազմաթիւ հիւրեր:
Իր հերթին Պաշտպանութեան փոխնախարար՝ Շաուա իր խօսքին մէջ ըսած է թէ նահատակները ամէնէն բարձր օրինակները կը հանդիսանան հայրենիքի պատիւն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք կը պահպանեն հողն ու պատիւը դաւադիրներէն եւ կը մաքրեն հայրենիքը ահաբեկչութեան ճիրաններէն: Փոխնախարարը նաեւ անդրադարձած է նահատակներու եւ անոնց ընտանիքներու զոհաբերութիւններուն, որոնք կ'արտացոլեն հաւատարմութիւն ու հայրենասիրութիւն: Ան նշած է թէ Հալէպ քաղաքը շատ տառապանքներու միջով անցած է եւ անոր որդիները արժանի են մեծարման ու պագեւատրման:
Իսկ Հալէպի նահանգապետը իր ելոյթով շեշտած է, թէ հայրենիքի նահատակները իրենց արեամբ արձանագրեցին հերոսութեան ու ինքնազոհութեան հիասքանչ դիւցազներգութիւններ ու գծեցին հայրենիքի ներկան ու ապագան եւ անոնց արիւնը եղաւ կեանքի ու յաղթանակի բանալին, եւ անոնք զոհաբերած են ամենաթանկը պատուոյ եւ արժանապատուութեան պայքարին մէջ ընդդէմ յարձակումներուն ու ահաբեկչութեան: Ան անդրադարձած է նահատակներու ընտանիքներու համբերատարութեան ու տոկունութեան, եւ որոնք տակաւին պատրաստ են աւելին զոհաբերել հայրենի հողին համար, եւ շարունակել հասնիլ սխրանքի ու յաղթանակներու երկրի նախագահի՝ Պաշշար Ասատի առաջնորդութեամբ, որ ըսած է «Ակնածանքով կը խոնարհինք մեր նահատակներու ու վիրաւորներու հզօրութեան առջեւ, մեր պարտքն է առ ի յարգանք յոտնկայս կենալ անոնց ընտանիքներու մեծութեան առջեւ, ողջոյն անոնց որ դաստիարակած են այսպիսի զաւակներ եւ ողջոյն այդ զաւակներուն մեր հայրենիքին զոհաբերուելու համար»:
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին, ներկայացուած է գեղարուեստական յայտագիր, որ ընդգրկած է ազգագրական հայկական ու չէրքէզեան պարեր, որոնք պատկերացուցած են սուրիական բանակի տարած յաղթանակները ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, ինչպէս նաեւ իմաստաւորած նահատակութիւնը վասն հայրենիքի, անոր ամբողջականութեան ու միասնութեան:
Պարգեւատրման տօնակատարութեան ընթացքին մեծարուած են բացի Աշքնալեան ընտանիքէն նաեւ 999 նահատակի ընտանիք, որոնց մէջ եղած են նաեւ Ռաֆֆի Գազէզեանի եւ Յարութ Պաղտոյեանի ընտանիքները:
Լուրը՝ Հալէպահայ լրագրող՝ Յովիկ Շէհիրեանի էջէն։
«Արեւելք»ի համար արաբերէնի վերածեց՝ Թ.Գ.