image

Հալէպ. Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու թաղական խորհուրդի անդամներ այցելեցին Գերշ. Տ. Մակար Սրբազանին

Հալէպ. Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու թաղական խորհուրդի անդամներ այցելեցին  Գերշ. Տ. Մակար Սրբազանին

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին այցելած են Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան եւ թաղական խորհուրդի անդամներ եւ հայցած Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը՝ Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Անցնող օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան եւ թաղական խորհուրդի անդամներ։

Քահանայ Հայրն ու թաղականութեան ատենապետ տիար Յարութ Կարապետեան հայցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը՝ Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց քահանայ հօր եւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին մատուցած եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ ընդառաջելով անոնց հրաւէրին՝ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց։