image

Հաղարծինի գետին մէջ խեղդուած երիտասարդը քեսապահայ Վահան Սուլեանն է (Լուսանկար)

Հաղարծինի գետին մէջ խեղդուած երիտասարդը քեսապահայ Վահան Սուլեանն է (Լուսանկար)

Հայաստան հաստատուած եւ արմատներով Քեսապէն Վահան Սուլեանը խեղդամահ եղած է Տաւուշի մարզի «Թաքնուած ջրվեժ» շրջանին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն քաղեց «Շամշեան» կայքէն, նշելով նաեւ, որ փրկարարական ջոկատներ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին որոնողական աշխատանքներ կը տանէին շրջանին մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ երիտասարդը այնտեղ հասած էր իր ընկերուհիին ընկերակցութեամբ եւ վերջինիս սայթաքելէն ետք գետին մէջ յայտնուելէն ետք փութացած էր օգնութիւն ցոյց տալ։ Երիտասարդուհին փրկուած էր, իսկ Վահանի ճակատագիրը մնացած էր անյայտ, մինչեւ որ այս առաւօտուն փրկարարները կարողացած էին  յայտնաբերել անոր դիակը։ 

Վահան, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով հաստատուած էր Երեւան,  գործած է տարբեր ոլորտներու մէջ։

Անոր ցաւալի կորուստին մասին  հակիրճ մահագրութիւն մը ներկայացուցած է Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ դիմատետրի էջը մասնաւորապէս գրելով ՝

«Սուլեան ընտանիքը, Քեսապի Հայ կաթողիկէ համայնքը եւ քեսապահայութիւնը կը գուժէն մահը իր հարազատ զաւակին՝ 

ՎԱՀԱՆ ՍՏԵՓԱՆ ՍՈՒԼԵԱՆի

(ծնեալ՝ 9 Մարտ 1993) որ պատահեցաւ Շաբաթ՝ 28 Մայիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։00-ին, Հայաստանի մէջ դժբախտ պատահարի հետեւանքով։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ծնողքին՝ Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Վարդենի Սուլեաններուն, եղբօր եւ քոյրերուն՝ Սեւակին, Սոնային եւ Նազիկին, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն։Թող սուրբ հոգին մխիթարէ բոլորին եւ հանգուցեալին մաքուր հոգին հանգչի երկնքի արքայութեան մէջ։

Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի, ամէն»։

Վահան Սուլեան իր  բարեկամներուն հետ