Հինգշաբթի, 21 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու յայտագիրները ընթացք առին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն այցելութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ուղեկցութեամբ, մարզախաղերու բոլոր մասնակիցները Եռաբլուրի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական պատնէշին վրայ ինկած բոլոր հերոսներուն եւ յատկապէս ոգեկոչեցին յիշատակը Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12 նահատակներու, որոնք անձնուիրաբար զոհուեցան Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն ընթացքին։
Եռաբլուրի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակաց պանթէոնի կեդրոնական յուշաքարին առջեւ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եղբ. Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց, որ «Եռաբլուրը հայ մարդուն համար սրբարան է։ Հոս կը հանգչին մեր ազգին «լաւագոյն տղերքը»։ Եռաբլուրի սրբազան հողին տակ հանգչող աճիւնները աւելի ուժ կու տան մարդոց՝ քան շատ մը ողջ մարդիկ։ Հայ մարդը,- շարունակեց ան,- այսօր Եռաբլուր կ’այցելէ իր ճակատէն սրբելու համար հայրենիք կորսնցուցածի ամօթը եւ իր խիղճէն հեռացնելու համար պարտութիւն կրածի զգացումը»։
Եղբ. Աւագեան հաստատեց, որ «Մեր նահատակները մեր հպարտութիւնն են, որովհետեւ անոնց թափած արեամբ ներկուած է մեր ազգային դրօշին կարմիրը։ Մեր նահատակները մեր փառքն են ու պատիւը, մեր պարծանքն են ու մեր սխրանքը, գոյատեւելու մեր կամքը եւ զարգանալու մեր վճռականութիւնը՝ մեր հին ու նոր թշնամիներուն պարտադրելու համար մեր խաղաղութիւնը, ազգային մեր տեսլականներուն առաջնորդող քաղաքական մեր կամքը»։
Շարունակելով, եղբ. Աւագեան աւելցուց. «Մեր նահատակները ինկան, որպէսզի մենք ապրինք։ Իսկ մենք պիտի ապրինք, որպէսզի իրենք յաւերժ ապրին մեր յիշողութիւններուն, ապրումներուն, մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ ապագայի երազներուն մէջ, մինչեւ որ օրին մէկը իրարու համընկնին մեր պետութեան եւ հայրենիքին սահմանները։ Ճիշդ է,- նշեց ան,- կարճ եղաւ մեր նահատակներուն երկրաւոր կեանքը, բայց անոնք կարողացան այդ կարճ կեանքը նոյնիսկ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։ Անոնք հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարեցին մեր բոլորին կողմէ, իսկ մեր պարտքը իրենց հանդէպ պիտի ըլլայ անշեղօրէն շարունակել իրենց ուղին, հայութեան եւ Հայաստանի ծառայութեան ուղին»։
Խօսքէն ետք, 20 շրջաններու 645 մարզիկ-մարզիկուհիները խումբերու բաժնուած՝ այցելեցին Եռաբլուրի մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտած անմահներու գերեզմանները, մինչ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները փառք ու պատիւ ընծայեցին Եռաբլուրի մէջ իրենց երկրորդ կեանքը ապրող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն՝ յատուկ ծաղկեկողովներ զետեղելով անոնց շիրիմներուն։
Աւարտին, ազգային-հայրենասիրական երգերու խմբերգումէ ետք, այցելութիւնը պսակուեցաւ խմբային յիշատակելի նկարով մը։