image

Լիբանանահայ գաղութը կ՚ապրի երիտասարդ ու խոստումնալից ուժի մը կորուստը

Լիբանանահայ գաղութը կ՚ապրի երիտասարդ ու խոստումնալից ուժի մը կորուստը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ. 

«Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը խոր վիշտով ստացաւ լիբանանահայ երգչուհի Լիզա Սվաճեանի վաղաժամ ու անակնկալ մահուան գոյժը: Երիտասարդ երգչուհին զանազան առիթներով մասնակից դարձած է Համազգայինի նախաձեռնութիւններուն: Ան մի՛շտ ներկայութիւն էր գաղութի ընտանեկան թէ միութենական խրախճանքներուն, եւ այսօր լիբանանահայ գաղութը կ՚ապրի երիտասարդ ու խոստումնալից ուժի մը կորուստին մահը: Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն»:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն