image

«Առկայ է միջուկային պատերազմի սպառնալիք» Պապը դիմած է Փութինին եւ Զելենսքիին

«Առկայ է միջուկային  պատերազմի սպառնալիք» Պապը դիմած է Փութինին եւ Զելենսքիին

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը մտահոգութիւն յայտնած է ուքրանական պատերազմի հետեւանքով առաջացած միջուկային սպառնալիքի եւ ռազմական մագլցումի առնչութեամբ՝ իր կիրակնօրեայ ուղերձը նուիրելով ստեղծուած իրավիճակին եւ յորդորելով անյապաղ հրադադար հաստատել։

Ինչպէս գրած է Vatican News-ը, ան դատապարտած է բռնակցումները (նկատի ունի ինքնհռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու, Խերսոնի եւ Զապորոժիէի ներառումը Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմ), կոչ ըրած է յարգելու իւրաքանչիւր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։

«Մարդկութեան այս ահռելի վէրքը փոխանակ բուժուելու, կը շարունակէ միշտ աւելիով արիւնիլ, տարածուելու վտանգով: Ինծի կը տառապեցնեն վերջին ամիսներուն թափուած արեան եւ արցունքներու գէտերը։ Կը ցաւիմ հազարաւոր զոհերուն համար ու յատկապէս մանուկներուն համար, բազմաթիւ աւերներուն համար, որոնք անտուն թողուցին բազմաթիւ անձեր եւ ընտանիքներ ու ցուրտն ու անօթութիւնը կը սպառնայ լայնատարած հողերուն։ Որոշ գործողություններ երբեք չեն կարող արդարացվել, երբե՛ք: Մտահոգիչ է, որ աշխարհն Ուքրանիոյ աշխարհագրութիւնը կը սորվի այնպիսի անուններով, ինչպիսիք են Պուքա, Իրփին, Մարիուփոլ, Զափորիժա ու այլ վայրերու անուններով, որոնք դարձած են աննկարագրելի տառապանքի եւ վախի վայրեր:

Եւ ի՞նչ ըսել ապա այն իրականութեան մասին, թէ մարդկութիւնը անգամ մը եւս կը գտնուի ադոմական ռումբի սպառնալիքին դիմաց։ Սա անհեթեթութիւն է։

Ի՞նչ պէտք է պատահի տակաւին։ Ո՞րքան արիւն պէտք է թափուի, որպէսզի հասկնանք, որ պատերազմը երբեք լուծում մը չէ, այլ միայն կործանում է»,- ըսած է Սրբազան Պապը՝ եւս մէկ անգամ հրադադարի կոչ ընելով:

Հռոմի պապի համոզմամբ՝  զէնքերը պէտք է լռեն, կողմերը՝ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ փնտռեն ոչ թէ ուժային, այլ փոխհամաձայնութեան, արդարացի եւ կայուն լուծումներ։

«Իմ կոչս կ՛ուղղուի նախ եւ առաջ Ռուսաստանի համադաշնութեան Նախագահին` անոր պաղատելով` որ կանգնեցնէ մահուան եւ բռնութեան պարոյրը, նաեւ իր ժողովուրդին սիրոյն համար։ Միւս կողմէն ցաւելով` յարձակումի ենթակայ ուքրանացի ժողովուրդին անասելի տառապանքին համար, վստահելի կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ Ուքրանիոյ նախագահին`որպէսզի բաց ըլլայ խաղաղութեան լուրջ առաջարկներու։

Եօթը ամիս տեւած թշնամանքէն յետոյ պէտք է գործադրուին բոլոր դիւանագիտական ​​գործիքները, նոյնիսկ անոնք, որոնք մինչ այժմ չի կիրառուեցան՝ այս սարսափելի ողբերգութեան վերջ տալու համար: Պատերազմն ինքնին սխալ է և սարսափ է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը: