image

«Գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու Արեւմուտքի փորձերը կը շարունակուին. Ռուս պաշտօնատար

«Գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու Արեւմուտքի փորձերը կը շարունակուին.  Ռուս  պաշտօնատար

Այս տարի Ղազախստանի եւ Ուզպեքստանի մէջ տեղի ունեցած արտառոց իրադարձութիւններն այնտեղ «գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու Արեւմուտքի փորձերու արդիւնք էին, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Պատրուշեւը։

«Գունաւոր յեղափոխութիւնները կը շարունակեն մնալ այսպէս կոչուած ամերիկեան ոճի ժողովրդավարութեան խթանման հիմնական միջոցը։ Արեւմտեան երկիրներու կողմէ մեր երկիրներու մէջ յեղափոխութիւններ հրահրելու փորձերը կը նկատուին՝ պարբերաբար։

Այդպէս կը գնահատենք, օրինակ, իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են 2020 թուականին Պելառուսիոյ մէջ, յունուարին Ղազախստանի եւ յուլիսին՝ Ուզպեքստանի՝ Ղարաքալփաքստանի մէջ», - ըսած է Պատրուշեւը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 17-րդ տարեկան հանդիպման ժամանակ։