image

Իսրայէլի մէջ համատարած գործադուլ. Նաթանիահուին կոչ ըրած են յետս կոչելու իր որոշումը

Իսրայէլի մէջ համատարած գործադուլ. Նաթանիահուին կոչ ըրած են  յետս կոչելու իր որոշումը

Թէլ Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանէն ոչ մէկ թիռչք եղած է այսօր Իսրայէլի արհմիութիւններու յայտարարած գործադուլի պատճառով: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Jerusalem Post պարբերականը:

Թռիչքները կը վերսկսին միայն յատուկ ծանուցումէ ետք: Իսկ ժամանող թռիչքներու պարագային վայրէջք կը կատարեն միայն այն օդանաւերը, որոնք արդէն երկինքի մէջ են:

Գործադուլ յայտարարած են նաեւ համալսարաններու, հիւանդանոցներու այլ ոլորտներու աշխատակիցները:

Գործադուլները սկսած են դատական բարեփոխումներու օրինագծի, ինչպէս նաեւ երկրի պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթը աշխատանքէն հեռացնելու դէմ: Վերջինս կառավարութեան կոչ ըրած էր կասեցնելու դատական բարեփոխումներու նախագիծը:

Jerusalem Post-ը նաեւ նշած է, որ Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եաիր Լափիտը վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին կոչ ըրած է ետ կանչելու Եոաֆ Կալանթի պաշտօնանկութեան որոշումը՝ նշելով, որ այժմ պաշտպանութեան նախարարին փոխարինելու ժամանակը չէ: