image
Հրատապ լուրեր:

Գրիգորեան ընդունած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարը

Գրիգորեան ընդունած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարը

Յունուար 16-ին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ընդունած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը:

Քարտուղար Ա. Գրիգորեանը շնորհաւորած է Սերգէյ Ղազարեանը Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ յաջողութիւններ մաղթած:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակի վերաբերեալ: Մասնաւորապէս քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս ծիրէն ներս կարեւորած են մարդասիրական ճգնաժամը յաղթահարելուն ուղղուած համատեղ ջանքերու իրականացումը: