«Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ Արցախեան պատերազմի մասնակից Գագիկ Գինոսեանը պիտի յուղարկաւորուի Եռաբլուրի մէջ։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բաւարարած է Գագիկ Գինոսեանը «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ յուղարկաւորելու վերաբերեալ դիմումը՝ հաշուի առնելով անոր մարտական ուղին»,– ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը։
Յիշեցնենք, որ 6 փետրուարին մահացած է «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ Արցախեան պատերազմի մասնակից Գագիկ Գինոսեանը։
Ան մասնակցած էր Արցախեան պատերազմին։ Եղած է Լէոնիդ Ազգալդեանի հրամանատարութեամբ գործող «Ազատագրական բանակ» ջոկատի ռազմիկ, ապա Օգոստոս 1992ին միացած է «Արծիւ մահապարտներ» յատուկ նշանակութեան գումարտակին: Ազատագրական մարտերու ժամանակ ոչնչացուցած էր թշնամիի 2 հրասայլ։
Գինոսեան մասնակցած է Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, Լաչինի եւ Քելբաջարի ազատագրական մարտերուն: