image

Ղարաբաղի համար Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ ընդունուած կէտերը երկրորդական են. Արցախցի պատասխանատու

Ղարաբաղի  համար  Երեւանի  եւ Պաքուի կողմէ  ընդունուած կէտերը  երկրորդական են. Արցախցի  պատասխանատու

Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձեւացնեն, թէ բանակցութիւններ վարած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, եւ որ տարաձայնութիւններ չկան: Այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամ, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը:

Քաղաքական գործիչը նշեց, որ Ապրիլ 14-ին Արցախի խորհրդարանի եւ արտախորհրդարանական ուժերու մակարդակով իրենք մէկ անգամ եւս հաստատած են բոլոր այն սկզբունքներն ու կէտերը, որոնք ընդունելի են ղարաբաղեան կողմին համար:

«Մնացած ամէն ինչը, այն բոլոր կէտերը, որոնք կը սահմանեն կամ կ'ընդունեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները, մեզ համար բացառապէս երկրորդական նշանակութիւն ունեն», նշեց պատգամաւորը` կոչ ընելով քաղաքական մշակոյթ եւ կամք ունենալ `Ստեփանակերտ այցելելու եւ համապատասխան քննարկումներ կատարելու համար: