Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Հինգշաբթի 2 Հոկտեմբեր 2025-ին երեկոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Բագրատ Պալապանեանին, հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Տոհա։
Սրբազան Հայրը այցելութեան ընթացքին Ս. եւ Անմահ պատարագ պիտի մատուցէ, Ուրբաթ 3 Հոկտեմբեր 2025-ին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ ազգային իշխանութեան հետ:
Շաբաթ գիշեր Սրբազան Հայրը ետ պիտի վերադառնայ Էմիրութիւններ։