Գերմանիան այս պահուն այլեւս խաղաղութեան մէջ չէ։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը։
Ան մեկնաբանած է այն հարցը, թէ որքան բարձր կը գնահատէ Գերմանիոյ համար զինուած հակամարտութեան վտանգը:
«Ես կ՚ուզեմ այդ ըսել մէկ արտայայտութեամբ, որ առաջին հայեացքով կրնայ քիչ մը ցնցող թուիլ, բայց ես նկատի ունիմ ճիշդ այն, ինչ պիտի ըսեմ. մենք պատերազմի մէջ չենք, բայց մենք այլեւս խաղաղութեան մէջ չենք»,-ըսած է վարչապետը Rheinische Post թերթի կազմակերպած միջոցառման ժամանակ:
«Մենք կ՚ապրինք բոլորովին այլ աշխարհի մէջ»,-ընդգծած է Մերցը: