image

Գերման նախկին պաշտօնեայ. Խրիմի մասին Զելենսքիի ըսածները պարզապէս անհեթեթութիւն են

Գերման նախկին պաշտօնեայ. Խրիմի մասին Զելենսքիի ըսածները պարզապէս անհեթեթութիւն են

Քիեւը չի կրնար ստանալ Խրիմը ռազմական ճանապարհով, սպանական ABC թերթի հետ զրոյցին յայտարարած է Գերմանիոյ նախկին վարչապետ՝ Կերհարտ Շրիոտըր։

Շրիոտըրի կարծիքով՝ Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսկիի յայտարարութիւնները ուքրանական Զինուած Ուժերու կողմէ Խրիմի թերակղզին գրաւելու հեռանկարներու վերաբերեալ անիմաստ են։

«Այն գաղափարը, որ նախագահ Զելենսկին կը կարողանայ ստանալ Խրիմը ռազմական ճանապարհով, անհեթեթութիւն է», - ըսած է Շրիոտըր։

Գերմանացի քաղաքական գործիչը նաեւ ընդգծած է, որ ժամանակին Խրիմը Ուքրանական ԽՍՀ-ի կազմին մէջ յայտնուած է միայն ԽՍՀՄ-ի առաջնորդ Նիքիթա Խրուշչովի անձնական որոշման շնորհիւ։

«Եւ ան այդ ըրած է, քանի որ կը կարծէր, որ ԽՍՀՄ-ը կը գոյատեւէ այնքան, որքան կաթոլիկ եկեղեցին, ինչ որ, բարեբախտաբար, այդպէս չեղաւ», - աւելցուցած է Գերմանիոյ նախկին վարչապետը։