Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունած է Ատրպէյճանի կողմէ հինգ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը:
«Ողջունելի է այսօր Ատրպէյճանի կողմէ հինգ հայ ձերբակալուածներու ազատ արձակման վերաբերեալ լուրը՝ օգոստոս 31-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած ղեկավարներու հանդիպումէն ետք:
Կարեւոր մարդասիրական ժեստ է եւ յատկանշական է նաեւ, որ յանձնումը տեղի ունեցած է առանց միջնորդներու», - Թուիթըրեան էջին գրած է Քլաարը: