2 հոկտեմբերին Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է Անկախութեան 34-րդ եւ Դեսպանութեան հիմնադրման 30-րդ տարեդարձերուն նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն:
Դեսպանատունէն յայտնած են, որ միջոցառման բացման խօսքով եւ շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկած է Ն.Գ. ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան: Ելոյթ ունեցած է նաեւ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան։ Վերոնշեալ տարեդարձներու կապակցութեամբ շնորհաւորական ուղերձներ յղած էին Գանատայի Օնթարիոյի նահանգապետ Տակ Ֆորտը, Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Արիս Պապիկեանը եւ Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանը։
Շնորհաւորելով ներկաները վերոնշեալ երկու կարեւոր եւ փոխկապակցուած իրադարձութիւններու առթիւ՝ դեսպան Յարութիւնեան կարեւորած է անկախութեան խորհուրդը՝ մասնաւորապէս ընդգծելով, որ պետութեան ապագան կը կերտուի ոչ միայն առերեսուող իրադարձութիւններով, այլ նաեւ անոնց արձագանգելու ունակութեամբ, այն է՝ միասնականութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ քայլերու խոր գիտակցութեամբ։ Անդրադառնալով դեսպանութեան 30-ամեակին՝ Ա. Յարութիւնեան մեծապէս կարեւորած է գանատահայ համայնքի անգնահատելի եւ նուիրական ներդրումը ՀՀ դեսպանութեան շէնքի հիմնադրման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին բազմաբնոյթ ծրագիրներու միջոցով։
Միջոցառման երաժշտական մասն ապահոված են գանատահայ սոփրանօ Սաշա Ջիհանեանը եւ դաշնակահար Արտեն Արաբեանը։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուած են Քէպէքի ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեանը, Գանատայի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու, ՀՀ դեսպանութեան հիմնադրման ակունքներուն կանգնած հայկական համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մշակոյթի եւ գիտութեան ոլորտի գործիչներ։