Օրերս արմատներով Մուսալեռցի երիտասարդ Հրայր Մուրատ Սգայեան սպայական նոր աստիճանի արժանացած է։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջին մէջ, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Կը շնորհաւորենք մեր գիւղի զաւակներէն, Հրայր Մուրատ Սգայեանի տեղեկալի (Lieutenant) աստիճանը Գանատական բանակին մէջ։ Կը մաղթենք Հրայրին նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձր վերելք։