image

Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս Մաքրոնին անվստահութեան գործընթաց սկսած է

Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս Մաքրոնին անվստահութեան գործընթաց սկսած է

«Չխոնարհած Ֆրանսա» ձախակողմեան կուսակցութիւնը նախաձեռնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը իշխանութենէն հեռացնելու ընթացակարգ, յայտարարած է կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Մաթիլտ Փանօ։

«Հանրապետութեան նախագահի նկատմամբ, Սահմանադրութեան 68-րդ յօդուածի համաձայն, իշխանութենէն հեռացնելու (իմփիչմընթ) վարոյթ յարուցելու մասին որոշման նախագիծն այսօր ուղարկուած է խորհրդարանի անդամներուն՝ միասնական ստորագրութեան»,- գրած է քաղաքական գործիչը X ընկերային հարթակին։

Այս յօդուածը կը նախատեսէ նախագահին պաշտօնանկ ընելու հնարաւորութիւն, եթէ ան խախտէ իր պարտականութիւնները։ Թէեւ 72 մանտաթ ունեցող «Չխոնարհած Ֆրանսան» կրնայ ինքնուրոյն ներկայացնել իմփիչմենթի առաջարկ, նախաձեռնութիւնը քննարկելու որոշումը կը կայացնէ Ազգային ժողովի բիւրօն:

Այնուհետեւ բանաձեւի բովանդակութիւնը պէտք է հաստատէ օրէնսդրական յանձնաժողովը, որմէ յետոյ երկու շաբթուայ ընթացքին Ազգային ժողովի երկու երրորդը պէտք է կողմ քուէարկէ անոր։ Վերջին երկու փուլը պէտք է անցնի նաեւ խորհրդարանի վերին պալատին՝ Ծերակուտականին մէջ, ուր ձախերը մեծամասնութիւն չունին, իսկ կուսակցութիւնն ընդհանրապէս ներկայացուած չէ։ Այնուամենայնիւ, եթէ բովանդակութիւնը հաստատուի Ծերակուտականին կողմէ, երկու պալատը կը հանդիպի համատեղ նիստի, ապա բանաձեւին պէտք է աջակցի երկու պալատի 925 պատգամաւորէն 617-ը: