Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոլինյին ֆրանսացի պատգամաւորներու հետ այցելած է Սոթքի ոսկիի հանք։
Այս մասին ըսուած է ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան X-ի էջին:
«Ուրախ էինք Մարտունիի մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները։ Ներկայացուցինք մեր գործունէութիւնն ու Սոթքի ոսկիի հանքավայրի շրջակայքը անվտանգութեան հետ կապուած զարգացումները»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։