Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այհան Հաճիզատէն մեկնաբանած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպման հետաձգումը:
«Հանդիպումը կը սպասուի մօտ ժամանակներս։ Որպէս կանոն, գոյութիւն ունի համակարգումը իրականացնող կազմակերպիչ երկրի կողմէ հանդիպման ճշգրիտ ժամկէտները յայտարարելու կարգ»,-նշած է ան, գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Աւելի վաղ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ յաջորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու քննարկումներու հերթական փուլը յետաձգուած է. տակաւին յստակ չէ, թէ որքան ժամանակով, եւ թէ ինչ պատճառով: Միայն յայտարարուեցաւ, որ անոնք յետաձգուեցան Ատրպէյճանի խնդրանքով:
Խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ նախարարներ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը, ըստ պաշտօնական Երեւանի, պիտի սկսէր Երկուշաբթի, 12 Յունիսին, սակայն նոր ժամկէտներու մասին որեւէ փոխանցում չկայ: Նախարարութիւնը նշեց, որ որոշուելու պարագային, պիտի յայտարարեն թուականը: