image

Ֆինլանտան չէ յաջողած համոզել Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի հարցով

Ֆինլանտան չէ յաջողած համոզել Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի հարցով

Ֆինլանտան յառաջընթաց չէ արձանագրած Թուրքիոյ հետ հանդիպման ժամանակ, հաւանաբար, երկիրը մինչեւ Սեպտեմբեր պիտի չկրնայ անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին։ Այս մասին յայտնած է Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթյոն։

«Յունիս 20-ին ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ հանդիպման ըստ էութեան մեծ յառաջընթաց չէ եղած, բայց մենք գոհ ենք, որ քննարկումը սկսած է։ Ես չէի փափաքիր ստոյգ ժամկէտներ նշել, բայց քիչ հաւանական է, որ մենք կարենանք այդ ընել մինչեւ Սեպտեմբեր», ըսած է նախագահը։

Նախօրէին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնարկի տնօրէն Հըսէյն Պաղջի ըսած էր, որ իր երկիրը պիտի չհամաձայնի Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալուն Յունիսի վերջին Մատրիտի մէջ կայանալիք դաշինքի գագաթաժողովին։ Ան յաւելած է, որ վաղ թէ ուշ այդ երկիրները պիտի դառնան դաշինքի անդամ, բայց, ամենայն հաւանականութեամբ, այս տարի այդ տեղի պիտի չունենայ։

Աւելի վաղ՝ Յունիս 11-ին, հաղորդուած էր, որ Ֆինլանտայի իշխանութիւնները չեն փափաքիր Թուրքիոյ արտայանձնել այդ երկրի նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի ընդդիմախօս քարոզիչ Ֆեթուլլա Կիւլէնի «Հիզմեթ» շարժման անդամները։ Մինչ այս՝ Յունիս 8-ին, Անգարան ներկայացուցած էր 10 պայման՝ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու վրա վեթօն հանելու համար։ Կէտերէն մէկը «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու», այդ շարքին` Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան, կիւլէնական կազմակերպութիւններու եւ անոնց մասնաճիւղերու դէմ պայքարին աջակցելու առաջարկն էր: